2014-05-19 08:29:23

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Երկրի մէջ` ուխտագնացութիւն դէպի արմատները։


«Ակնաղբիւր»՝ հնագոյն բառերէն է, որուն մեր դարաշրջանը նոր արժէք տուած է: Վերադառնալով արմատներուն` կը բաղձանք թարմանալ այնպէս ինչպէս սամարացի կինը, որ խորունկ ջրհորէն ջուր կը քաշէր:
Մարդկութեան մէջ միշտ ալ եղած է իր արմատներուն վերադառնալու այս անյագուրդ բաղձանքը: Միջնադարեան բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ, որոնք ամբոխը ճամբայ կը հանէին դէպի Հռոմ եւ Երուսաղէմ, իրականութեան մէջ անոնք դրդուած էին «Ակնաղբիւր»ի վերադառնալու բաղձանքէ:
Մեր նախահայրերը ուխտագնացութեան ցուպը առնելով, կը ձգէին իրենց հայրական տունը` ինքզինքնին ենթարկելով աներեւակայելի վտանգներու` հասնելու համար այն վայրը ուրտեղէն կը տարածուէր «Ակնաղբիւրը»: Կտրել անցնելով տարածութիւններ կը կանխէին ժամանակը…:
Սակայն ներկայիս տարածութիւնը գրեթէ վերցուած է, այլեւս այդ երկար ճամբորդութիւնը չկայ: Երուսաղէմը Հռոմէն ընդամենը օդանաւի թռիչքի մը հեռաւորութիւնը ունի: Առաջին թռիչքները` Հռոմէն դէպի Երուսաղէմ, ժամանակի կանխում մը եղան` տեսանելի կերպով վերամիաւորելու Եկեղեցին այն վայրերուն հետ ուրկէ ծնունդ առած է, վերադառնալու այն միակ Ակնաղբիւրին որ է Յիսուսի արիւնը. Ինչպէս որ Ս. Յովհաննէսի Աւետարանը կ’ըսէ. «Եկեղեցին կը ծնի Յիսուսի խոցուած սրտէն, ուրտեղէն կը հոսէին եւ կը շարունակեն հոսիլ միշտ Մկրտութեան ջուրն ու հաղորդութեան արիւնը»:
Եթէ այս առաջին քսանդարեայ պատմութեան մէջ եղած է ուխտագնացութիւն մը դէպի «Ակնաղբիւր»ը, ապա այն իրագործած է Պօղոս Զ որուն կատարած ուխտագնացութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ Եկեղեցւոյ առջեւ:
Երուսաղէմ – Հռոմ. Այս երկու անունները կը հանդիսանան երկու բեւեռները, որոնց շուրջ կը դառնան հաւատացեալներու եւ սուրբերու խորհրդաւոր գունդը: Աստուծոյ ծրագրին մէջ Երուսաղէմը` Յիսուսի կրօնին կեդրոնը կը նկատուի որ պիտի իրականացնէր Իսրայէլի յոյսը: Մինչեւ 63թ. Կայսրութեան մէջ տարածուած քրիստոնեաներն ու հրեաները կ’աղօթէին նոյն ուղղութեամբ. Երուսաղէմի Տաճարի ուղղութեամբ: Սակայն, Երուսաղէմը գրաւուեցաւ, հրեաները ցրուեցան: Պետրոս եւ Պօղոս մարտիրոսացան Կայսրութեան կեդրոնը եւ այսպիսով Հռոմը` քրիստոնեաներու համար դարձաւ երկրորդ Երուսաղէմ, սակայն չգերազանցեց առաջինը` ճշմարտապէս սուրբ Երկիրը, միակ Պատահարի վայրը, պատմութեան կեդրոնն ու օճախը, որու շուրջ կը դառնայ մարդկութեան ամբողջ պատմութիւնը` Մարդեղութիւնը:
Իրապէս, Պետրոսի յաջորդներու համար «դէպի Երուսաղէմ բարձրանալ»ը բազմաթիւ արգելքներու հանդիպած է, սակայն այս արգելքներու բարձումով շատ տրամաբանական էր որ Քրիստոսի ներկայացուցիչը իր քայլերը դնէր իր միակ Տիրոջ քայլերուն վրայ: Ամէն Քահանայապետի այցելութիւն իր կարեւորութիւնը ունեցած է իր յաջորդին առնելիք քայլերուն վրայ: Այսպիսով, կարելի չէ մոռնալ Պօղոս Զ Պապի այցելութիւնը եւ եղբայրական հանդիպումը Աթենակորաս Պատրիարքին հետ: Նուազ յիշատակելի չէ Յովհաննէս Պօղոս Բ այցելութիւնը եւ աղօթքը «Ողբի Պատ»ին առջեւ: Չենք կրնար չյիշել նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ այցելութիւնը եւ կրօնի առաջընթացի մասին արտայայտած իմաստալից մտքերը:
Ամէն այցելութիւն զօրացուց Յիսուսի երկրին մէջ բնակող քրիստոնեաներու եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ միջեւ եղած կապը: Այժմ պէտք ենք հետեւիլ` գիտնալու համար թէ Աստուած ինչ կ’ուզէ ընել Ֆրանչիսկոս Պապին միջոցով: Ամէն Քահանայապետ ունի իր անհատականութիւնը, զգայնութեան եւ յաղորդակցութեան` իրեն յատուկ կերպը: Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս պապերը իրարմէ բոլորովին տարբեր անհատականութիւններ են: Իրենց անհատականութիւնները կը խաչուին քրիստոնէութեան եւ հասարակութեան զարգացման հանգրուանի վրայ:
Եկեղեցին պէտք չէ մոռնայ իր «արմատները» այլ պէտք է յարատեւ վերադարձ մը ունենայ, որպէսզի կարենայ համապատասխանել Աստուծոյ ծրագիրներուն: Վերջին տասնամեակներուն` յատկապէա Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովէն վերջ, բեղուն երկխօսութեան ընթացք մը կատարուեցաւ այն ժողովուրդին հետ, որ Աստուած ընտրած էր` ըլլալու առաջին հասցէատէրը Իր «Ուխտ»ի խոստումներուն:
Բոլոր Քահանայապետներու համար Սուրբ Երկիրը փրկութեան պատմութեան վայրն է` Յիսուսի երկիրը: Ֆրանչիսկոս Պապը կ’ընդգծէ իր կատարելիք ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը, մեզի կ’օգնէ աւելի խոր կերպով հասկնալու Տիրոջ եւ փրկութեան պատմութեան կեդրոնականութիւնը, որ տեղի ունեցած է որոշ ժամանակի եւ աշխարհագրական յստակ վայրի մը մէջ:
Այս` Հռոմի Սրբազանի` Պետրոսի Յաջորդին ուխտագնացութիւնն է դէպի հաւատքի պատմական եւ աշխարհագրական արմատները: Կը Յուսանք որ Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութիւնը` Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար զօրակցութեան զօդ մը ըլլայ: Առանց այս քրիստոնեաներուն` արաբներու եւ իսրաէլացիներու հաշտութիւնը անհնարին պիտի ըլլայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.